понедельник, 13 июня 2011 г.

Մոնթե Մելքոնյան. «Միշտ զարգացման պէտք կայ, միշտ անցեալի սխալներէն սորվելու պէտք կայ...»

Արդէն տասնութ տարի անցած է Մոնթէին մեկնումէն: Յաճախ ինծի կը հարցնեն «Մոնթեն եթէ հիմա ողջ ըլլար, ո՞ւր կ'ըլլար»: Անվարան կը պատասխանեմ՝ «մահացած կ'ըլլար»: Մեր ընտանիքին մէջ ես միակը չեմ, որ այս պատասխանը կու տամ: Մոնթէին մտերիմ՝ իր եղբայրն ալ ճիշդ նոյնը պատասխանած է այս հարցումին:

Մոնթեն ինք կը գրէր 6 յունիս 1988-ին, թէ լաւ մարդիկ են, որ պատրաստ են անկաշառ ծառայել իրենց սկզբունքներուն ի գին բանտարկութեան, ես կ'աւելցնէի` նաև մահուան.

«Հոստեղի (այսինքն բանտի, Ս.Մ.) կեանքը լաւ չէ բայց հետաքրքրական է որոշ ձևերով: Պիտի շատ-շատ-շատ նախընտրէի հոս չըլլալ (անշուշտ) բայց և այնպէս հոս եղած ատենս լաւ ընկերներու ծանօթացած եմ: Ամէնքս օր մը հոսկէ պիտի ելլենք և յոյսով եմ որ կը ծանօթանաս: Զարմանալի է ինչպէս յաճախ ամէնալաւ մարդիկ այսպիսի տեղերու մէջ տարինե՜ր կ'անցնեն իսկ ամէն տեսակ աղտոտ մարդիկ դուրս կը մնան:

Իրականութեան մէջ այս ալ իր պատճառները ունի և յետոյ կը բացատրեմ: Լաւ մարդիկ այն տեսակ են, որ հանգիստ չեն կենար այնքան ատեն, որ իրենց սկզբունքները չեն իրականացած, նոյնիսկ երբ իրենց թշնամիները շատ աւելի մեծ և զօրաւոր են: Եւ երբ գործնական քայլեր կ'առնեն ինքնաբերաբար վտանգի մեջ կը նետուին և հաւանականութիւնները կը շատնան, որ այսպիսի տեղ մը վերջանան: Իրար հետ կը խօսինք և իրարմէ կը սորվինք»:

Բոլորը գիտեն, որ Մոնթեն ինքն ալ հանգիստ կեցողներէն չէր: Հակառակ տարածուած՝ ծանօթի հանդէպ ներողամիտ ըլլալու հիւանդագին սովորութեան, Մոնթէն առաւել խստապահանջ էր իր մտերիմներուն նկատմամբ: Անոր ծայրայեղ անկաշառ էութիւնը միշտ ալ թշնամիներ պիտի հաւաքէր: Ժողովուրդին համար և ազգին անունով գործելու հանգամանքը հսկայական պատասխանատուութիւն կ'ենթադրէ և Մոնթէն ամէն րոպէ կը գիտակցէր այդ անկշռելի բեռի գոյութիւնը: 25 Օգոստոս, 1983-ին ան կը գրէր.

«…Հաւանաբար արդէն յստակ է քեզի համար, որ իմ սկզբունքներս, աշխատանքս և համոզումներս կը սիրեմ գործադրել և գործնական ձևով արտադրել։ Նաև հաւանաբար յստակ է քեզի համար, որ կը փորձեմ այս ամէն ինչը գործադրել հայկական ազատագրագրական պայքարի սահմաններուն մէջ կամ ալ գոնէ հայութեան ի նպաստ ըստ իմ հասկացողութեանս (նաև ըսեմ, որ լրջօրէն միշտ փորձած եմ գիտական ձևով մօտենալ այս հարցին և համոզուած եմ որ եթէ մօտեցումս հարիւրէն հարիւր ճիշդ չէ գոնէ շատ անկեղծ և իրապաշտ մօտեցում մըն է։ Այս չափ պէտք է յստակ ըլլայ)։

Բայց այս տեսակ գործերը տեղքայլի մէջ չեն մնար. տեղքայլի մէջ չեն մնար քանի որ պատմութիւնը տեղքայլի մէջ չի մնար։ Միշտ զարգացման պէտք կայ, միշտ անցեալի սխալներէն սորվելու պէտք կայ, և ներկայ իրավիճակի հաշիւներու հիման վրայ ապագայ շինելու համար քայլեր առնելու պէտք կայ։ Երբ որ այս գործերը ժողովուրդի մը կամ ազգի մը անունով կը կատարուին, և երբ որ այս գործերը կը պահանջեն որ մեր ժողովուրդին ամէնէն հայրենասէր և նուիրուած տարրերը օրական մահի դիմացը գան, կը նշանակէ որ այս գործերուն մէջ դեր ունեցողները- մանաւանդ այս կամ այն ձևով հիմնական դեր ունեցողները- հսկայ պատասխանատուութիւններ ունին։

Ոչ մէկ իրաւունք ունին անխելք արարքներ ընելու, ոչ մէկ իրաւունք ունին իրենց զգացումներուն ենթարկուելով կուրանալու և սխալ (բայց «անկեղծ») հաշիւներ ընելու, ոչ մէկ իրաւունք ունին անզգոյշ կամ անհոգ ըլլալու։ Հակառակ այս իրականութեան, մեր ժողովուրդին և պայքարին անունով և մեր ամէնէն անձնազոհ ընկերներուն արեան գնով չափազանց ֆաշական, անմարդկային, վնասակար և իրապէս ապուշ արարքներ եղած են այս վերջին տարիներուն։ Չեմ կարծեր որ պէտք ունիմ քեզի օրինակներ տալու»։

«Շա՜տ դժբախտաբար», ինչպէս Մոնթէն պիտի ըսէր, այս նամակին գրուելէն քսանութ տարի անց, վերոյիշեալ տողերը տակաւին կը մնան այժմէական:

Սեդա Գպրանյան-Մելքոնյան
hetq.am
13 հունիսի, 2011

Комментариев нет:

Отправить комментарий